2013-11-29 12:31:31

ՄԱԿ` ''Մէկ միլիոն Սուրիացի երեխաներ աղէտալի պայմաններու մէջ կ'ապրին''։


Աւելի քան մէկ միլիոն Սուրիացի երեխաներ աքսորուած են եւ կ'ապրին աղէտալի պայմաններու մէջ, կը յայտնէ The Guardian-ը՝ վկայակոչելով ՄԱԿ-ի աղբիւրներ։
Ըստ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերու գործակալութեան՝ Սուրիոյ ճգնաժամի հետեւանքով իրենց երկիրը լքած՝ հարիւր հազարաւոր երեխաներ զրկուած են կրթութենէն ու առ աւելին` անոնք յաճախ, շահագործուած են, մասնաւորապէս Յորդանանի մէջ, ուր երեխաներու կէսէն աւելին` օրական 14 ժամ կ'աշխատին, օրական 5 տոլար ստանալու համար։ Ըստ Մակին այս հարցը հրատապ է եւ պէտք է այս ուղղութեամբ լուծումներու դիմել։








All the contents on this site are copyrighted ©.